Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, ելոյթ ունենալով Աշխապատի մէջ Տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՏՀԿ) 15-րդ գագաթնաժողովին, անդրադարձած է Արցախի՝ 44-օրեայ պատերազմին հետեւանքով Պաքուի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն, ինչպէս նաեւ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցքին»:
«Այսօր կրնամ ըսել, որ Զանգեզուրի միջանցքը իրականութիւն պիտի դառնայ Այս նոր ճանապարհային հաղորդակցութեանց ենթակառուցուածքը պիտի դառնայ Արեւելք-Արեւմուտք եւ Հիւսիս-Հարաւ միջանցքներու կարեւոր մասը։ Վստահ եմ, որ ՏՀԿ անդամ երկիրները պիտի օգտուին այս միջանցքէն», ըսած է ան ։
Մինչդեռ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանը, ելոյթ ունենալով վերոնշեալ գագաթաժողին, ըսած է, որ Ատրպէյճանի ձեռնարկած քայլերը կը նպաստեն տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի կարգաւորման:
Անոր խօսքով՝ Թուրքիան պիտի շարունակէ մնալ Ատրպէյճանի կողքին:
«Այս առումով շատ կարեւոր է, որ Տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութիւնը ըլլայ Ատրպէյճանի կողքին», ըսած է Էրտողան։