image
Հրատապ լուրեր:

Ընդդիմութիւնը արտահերթ նիստ գումարելու պահանջով միջնորդութիւն ներկայացուցած է Ազգային Ժողովի խորհուրդ

Ընդդիմութիւնը արտահերթ նիստ գումարելու պահանջով միջնորդութիւն ներկայացուցած է Ազգային Ժողովի խորհուրդ

ՀՀ Ազգային Ժողովի ընդդիմադիր «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւնները արտահերթ նիստ գումարելու պահանջով միջնորդութիւն ներկայացուցած են ԱԺ խորհուրդ։ Այս մասին ըսած է «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեանը։

Առաջարկած են արտահերթ նիստի օրակարգին մէջ ընդգրկել կառավարութեան հրաժարականի եւ նոր կառավարութեան ձեւաւորման մասին Ազգային Ժողովի ուղերձը։

«Շուրջ 2 ժամ առաջ ներկայացուել է արտահերթ նիստ անցկացնելու մասին թուով 33 պատգամաւորի ստորագրութիւնները`կից նաեւ ուղերձի նախագծով։ Այսօր 16։00-ին էլ ԱԺ խորհրդին 2 խմբակցութեան միջնորդութիւն է ներկայացուելու, որպէսզի արտահերթ նիստը գումարուի մինչեւ յունիսի 17-ը։

Ներկայացուած է արտահերթ նիստի`3 ժամ տեւողությամբ նախագիծը։ Այնուամենայնիւ, եթէ ԱԺ խորհուրդը մերժի կամ որեւէ պատճառով վախենան, ապա օրէնքի ուժով յունիսի 17-ին` ժամը 18։30-ին, պէտք է արտահերթ նիստ գումարուի։ Իրենց վարքագիծը նաեւ այդ օրը կ՚երեւայ, որովհետեւ կեանքը ցոյց է տուել, որ նոյնիսկ արտահերթ նիստում գրանցուելուց են խուսափում։ Եթէ իմաստութիւն ունենան, կը ներառեն, կը մասնակցեն եւ կը քննարկեն»,–ըսած է Մինասեանը։

Ան յստակեցուցած է`սա անվստահութիւն յայտնելու (իմպիչմենթի) գործընթացը չէ, այլ Ազգային Ժողովի ուղերձ է, որ ուղղուած է ՀՀ կառավարութեան։ Պատգամաւորը նշած է, որ իշխանական մեծամասնութիւնը կրնայ հրաժարականի մեխանիզմը առանձին քննարկել` Նիկոլ Փաշինեանը հրաժարական տայ կամ այլ կերպ կատարուի։

Խօսելով իր սպասելիքներու մասին` «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղարը շեշտած է` քաղաքական մեծամասնութեան վարքագիծը վաղուց գաղտնիք չէ` կա՛մ կը խուսափին, կա՛մ կը վախնան։