Հայ Օգնութեան Միութեան համայն աշխարհի մասնաճիւղերն ու միաւորները ամէն տարի Փետրուար ամսուայ վերջաւորութեան հոգեհանգստեան պաշտօն կը կատարեն ի յիշատակ առյաւետ հեռացած ՀՕՄուհիներուն եւ բարերաներուն:
Այս տարի եւս, ՀՕՄ-ի Նիւ Եորքի «Մայր» Մասնաճիւղի համար յիշատակելի օր էր Կիրակի, 27 Փետրուարը: Հայ Օգնութեան Միութեան Նիւ Եորքի «Մայր» Մասնաճիւղի ուխտեալ ընկերուհիները ներկայ էին Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքի հանգուցեալ հիմնադիրներուն, բարերար, բարերարուհիներուն եւ անդամներուն յիշատակին:
Եկեղեցւոյ հովիւ՝ Տէր Մեսրոպ Քհնյ. Լագիսեան, յատուկ կերպով ներկայացուց ՀՕՄ-ի գործունէութիւնը, յիշեց թէ այս մեծ կազմակերպութիւնը կը գոյատեւէ, կը ծառայէ եւ շուտով պիտի բոլորէ իր 112 ամեակը: ՀՕՄ-ը այն կազմակերպութիւնն է, որուն գլխաւոր նպատակն է ծառայել եւ օգնել աշխարհացրիւ հայ ազգին եւ հայրենիքին: Այս մեծ ընտանիքի անդամուհիները եւ կը հետեւին ՀՕՄ-ի նշանաբանին՝ ժողովուրդիս հետ ժողովուրդիս համար։
Աւարտին «Մայր» մասնաճիւղի Ատենապետուհի՝ ընկհ. Մարիա Եփրեմեան փոխանցեց ՀՕՄ-ի խօսքը հայերէնով եւ Ընկհ. Լալիկ Վարդանեան՝ անգլերէնով: Ապա Տէր Մեսրոպ օրհնեց հոգեճաշը, զոր պատրաստուած էր ՀՕՄուհիներուն կողմէ։
Մեր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնենք՝ Տէր հօր եւ Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, իրենց սիրալիր գործակցութեան եւ օժանդակութեան համար:
Ձեր հողը թեթեւ գայ հանգուցեալ ընկերուհիներ, ընկերներ եւ բարերաներ: Կը մնանք միշտ յարգանօք ձեր տարած նուիրեալ ծառայութեան դիմաց:
Մարիա Շամլեան-Եփրեմեան