Ատրպէյճանի իշխող ուժի ներկայացուցիչ Սամետ Սէյիտովը Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի մէջ մեկնարկած ամառնային նստաշրջանին ելոյթ ունենալով յայտարարած է, որ յաջորդ շաբաթ նախատեսուած է հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւններ։ Թէ ուր եւ ինչ ձեւաչափով ատրպէյճանցի պատգամաւորը չէ յստակեցուցած։ Այս մասին գրած է «Ազատութիւնը»։
«Մենք շատ մօտ ենք իրար։ Բանակցութիւնները Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ վարչապետ Փաշինեանի միջեւ կը շարունակուին։ Յաջորդ շաբաթ բանակցութիւններու եւս մէկ փուլ տեղի պիտի ունենայ։ Կը տեսնէ՞ք Հայաստանէն իմ գործընկերոջ հռետորաբանութիւնը։ Անոնք կ'երազեն անցեալի եզրոյթներով, անոնք ի վիճակի չեն մտածելու ապագայի մասին»,- յայտարարած է Սէյիտովը եւ պնդած, որ հայ պատգամաւորներու բարձրացուցած խնդիրները իրականութեան չեն համապատասխաներ։
«Շրջափակո՞ւմ՝ գոյութիւն չունի, այսպէս կոչուած ցեղասպանութի՞ւն՝ միանգամայն դուրս է օրակարգէ, Լաչինի միջանցքի փակո՞ւմ՝ բոլորովին սխալ կարծիք, սադրանքնե՞ր՝ Հայաստանէն, ոչ թէ Ատրպէյճանէն, ռազմական գործողութիւննե՞ր՝ ցաւօք, մենք կը տեսնենք», -ըսած է Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ ատրպէյճանական պատուիրակութեան ներկայացուցիչը՝ հայկական կողմին կոչ ընելով «նստելու եւ ուղիղ երկխօսութիւն սկսելու Պաքուի հետ՝ ապագայի շուրջ»։