image

Յաջորդ հանդիպումը Ստեփանակերտի մէջ

Յաջորդ հանդիպումը Ստեփանակերտի մէջ

Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմը յայտարարութիւն տարածած է 2023 թուականի 25 սեպտեմբերին Իւանեան (Խոճալու) քաղաքին մէջ Արցախի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներու միջեւ բանակցութիւններու արդիւնքներու վերաբերեալ:

Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ կառուցողական մթնոլորտի մէջ անցած հանդիպման գոհունակութիւն յայտնուած է սեպտեմբեր 21-ին Եւլախ քաղաքին մէջ քննարկուած հարցերու լուծման ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերուն, մասնաւորապէս՝ մարդասիրական օգնութեան, վառելիքի հնարաւորինս արագ տրամադրման, ելեկտրականութեան մատակարարումներու վերսկսման վերաբերեալ:

Պայմանաւորուած են կազմակերպել Ղարաբաղի քաղհասարակութեան ներկայացուցիչներու այցերը Պաքու եւ այլ քաղաքներ։

Քննարկուած են շարք մը մարդասիրական հարցեր, որոնց շարքին`ռազմական գործողութիւններէն ետք զոհուածներու եւ անհետ կորսուծներու որոնողափրկարարական աշխատանքներու ընթացքը։

Կողմերը նախանշած են յաջորդ հանդիպման օրակարգը։ Աշխատանքային խումբերու ձեւաւորման համար յաջորդ հանդիպումը պիտի կայացուի Ստեփանակերտի մէջ։