image
Հրատապ լուրեր:

Յաջողութեան մաղթանք Ազգային Բարերար ՝ Կիրակոս Գույումճեանէն

  Յաջողութեան մաղթանք  Ազգային Բարերար ՝ Կիրակոս Գույումճեանէն

Քուէյթահայ Ազգային Բարերար Կիրակոս Գույումճեանի  ուշադրութեան առանցքին կը շարունակէ մնալ հայագիտական  նիւթերու եւ  լաւ կրթութիւն ստանալու հիմնահարցը։ Այս ծիրէն ներս Գույումճեան կարեւոր  ներդրում  կատարելով  նեցուկ կը կանգնի մասնաւորապէս Քուէյթի եւ  Սուրիոյ հայ  աշակերտներուն։

  Ան նաեւ  հաստատած է «Ներսէս Շնորհալի» մրցանակը, որ իւրաքնաչիւր տարի կը շնորհուի այն աշակերտներուն, որոնք փայլուն  արդիւնքներ կը գրանցեն հայագիտական նիւթերուն  մէջ։

Հալէպի  «Գանձասար»էն կը կարդանք Քուէյթաբնակ բարերար Կիրակոս Գույումճեան հեռաձայնային կապ հաստատելով Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի հետ, իր շնորհաւորական բարեմաղթութիւնները կը փոխանցէ հալէպահայ վարժարաններու 12-րդ կարգի պետական քննութիւններուն յաջողութիւն արձանագրած հայ ուսանողներուն։ 

«Ներսէս Շնորհալի» ուսումնական մրցանակի տուչութիւնը այս տարի եւս գործադրելու տրամադրութեամբ, պարոն Կիրակոս կը գնահատէ հայկական վարժարաններու 12-րդ կարգի հայ ուսանողները, մրցակցութեան առողջ ոգիով իրենց ձեռքբերած արդիւնքներուն համար եւ յաջողութիւն կը մաղթէ յառաջիկայ օրերուն տեղի ունենալիք լրացուցիչ քննութիւններուն:

Յիշենք, որ քուէթաբնակ հալէպահայ բարերար Կիրակոս Գույումճեան նախորդ տարիներուն նման, այս տարի եւս «Ներսէս Շնորհալի» ուսումնական մրցանակով պիտի պարգեւատրէ պաքալորիայի պետական լրացուցիչ քննութիւններուն Հալէպի հայկական վարժարաններուն մէջ առաջին երեք բարձրագոյն նիշերը ապահովող հայ ուսանողները: