image
Հրատապ լուրեր:

«Յաջողութեամբ ետ կը մղենք յարձակումը» Վոլոտին անդրադարձած է Ուքրանիոյ հակայարձակումին

«Յաջողութեամբ ետ կը մղենք յարձակումը» Վոլոտին անդրադարձած է Ուքրանիոյ հակայարձակումին

Ռուսիոյ Դաշնութեան Պետական Տումայի նախագահ Վեաչեսլաւ Վոլոտինը Ռուսիոյ օրուան առթիվ իր շնորհաւորանքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնած է ռազմական գործողութեան մասնակիցներուն «հերոսութեան եւ արիութեան համար»։ Ան յաջող գնահատած է ուքրանական հակայարձակումը ետ մղելու անոնց գործողութիւնները, գրած է kommersant.ru-ն։

«Մէկ շաբաթէն աւելի, զոհաբերելով իրենց, անոնք յաջողութեամբ ետ կը մղեն Քիեւի արիւնոտ ռեժիմի զօրքերու՝ ՆԱԹՕ-ի աջակցութեամբ իրականացուող հակայարձակումը»,- գրած է Վոլոտինը Telegram-ի իր էջին:

9 Յունիսին Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած էր, որ ուքրանական հակայարձակումն արդէն սկսած է։ Ան պնդած է, որ աշխուժ մարտեր մղուած են 7 եւ 8 յհունիսին, սակայն ուքրանացի զինուորականները յաջողութիւն չեն ունեցած։ 10 Յունիսին Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին յայտարարած էր, որ Ուքրանիոյ մէջ հակայարձակողական գործողութիւններ կ'ընթանան, սակայն մանրամասներ չէ յայտնած։