image

Վրաստանի մէջ կալանաւորուած է Հայաստանի տարածքով 80 քիլոկրամ «Քոքային» տեղափոխող

Վրաստանի մէջ  կալանաւորուած է  Հայաստանի տարածքով  80 քիլոկրամ «Քոքային» տեղափոխող

Վրաստանի ներքին գործոց նախարարութենէն տեղեկացուցած են, որ կալանաւորուած է Իրանի քաղաքացի յատկապէս խոշոր չափի թմրամիջոցներու անօրինական ձեռքբերման, տեղափոխման եւ պահպանման մեղադրանքով։ Իրաւապահները Փոթիի նաւահանգիստը առգրաւած են 80 քիլոկրամ հերոյին։ Թմրամիջոցները յայտնաբերուած են բեռնատար մեքենայի թաքստոցին մէջ։

«Քննութիւնը պարզած է, որ մեղադրեալը Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան քաղաքացի է, որ մտադիր էր յատկապէս խոշոր չափի թմրամիջոցն Իրանէն տեղափոխել Եւրոպա Հայաստանով եւ Վրաստանով։ Ան փորձած է ընել այդ Վրաստանի ծովային նաւահանգիստներէն մէկով, եւ այդ ժամանակ ալ կալանաւորուած է»,- ըսած են ՆԳՆ-էն։

Կալանաւորուածին կը սպառնայ 20 տարուան ազատազրկում կամ ցմահ բանտարկութիւն։