Արեւմուտքը, Ուքրանիոյ զէնք մատակարարելով, զգալիօրէն կը մեծցնէ միջուկային գերտէրութիւններու ռազմական բախման վտանգը։ Այս մասին, ինչպէս գրած է ՌԻԱ Նովոսթին, յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով։
«Այսօր Ռուսիան զսպելու եւ ռուսական աշխարհը պառակտելու իրենց աշխարհաքաղաքական ծրագիրը փրկելու համար Միացեալ Նահանգները, ՆԱԹՕ-ն եւ Եւրոպական Միութիւնն Ուքրանիոյ աւելի ու աւելի ժամանակակից զէնք կը մատակարարեն, աւելի ու աւելի կը բորբոքեն հակամարտութիւնը եւ անոր հետ մէկտեղ կը հրահրեն ամբողջ աշխարհի մէջ զէնքի անվերահսկելի տարածում»,- ըսած է Լաւրով Միջազգային անվտանգութեան թեմայով Մոսկուայի համաժողովի իր ելոյթի ժամանակ։
Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարի խօսքով՝ Արեւմուտքի այս արկածախնդիր, անպատասխանատու քայլերը զգալիօրէն կը մեծցնեն միջուկային գերտէրութիւններու միջեւ անմիջական ռազմական բախման վտանգը: