Այսօր նախատեսուած է Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ նախագահներ Վլատիմիր Փութինի եւ Ռեճեպ Էրտողանի հեռախօսազրոյցը, եւ կ'ակնկալուի, որ երկու առաջնորդներու բանակցութիւններուն հիմնական թեման ըլլայ Ուքրանիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ հակամարտութեան կարգաւորման գործին մէջ միջնորդական դեր ստանձնելու՝ Էրտողանի առաջարկը։
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար նշած է, որ այդ հարցով Թուրքիան յստակութիւն կ'ակնկալէ Էրտողանի եւ Փութինի բանակցութիւններէն յետոյ։
«Մենք կողմնակից ենք, որ Սեւծովեան տարածաշրջանին մէջ Ռուսաստանի եւ Ուքրանիոյ միջեւ բոլոր խնդիրներն ու հակամարտութեան իրավիճակները լուծուին երկխօսութեան ու դիւանագիտական ճանապարհով», ըսած է Աքարը։