ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ Ուքրանիոյ գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատարին տեղեկացուցած են, որ Հայաստանը ռուս-ուքրանական հակամարտութեան հարցին մէջ չէզոքութիւն կը պահպանէ եւ կողմ հանդէս կու գայ հակամարտութեան խաղաղ հանգուցալուծման, այդ մասին յայտնեց Տենիս Աւթոնոմովը:
Հայաստանի մէջ Ուքրանիոյ գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատարը նաեւ ողջունեց ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովին Ուքրանիոյ հարցով Հայաստանի Հանրապետութեան քուէարկութիւնը:
Յիշեցնենք, որ Մարտ 2-ին ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովը ընդունած էր բանաձեւ, որով կը պահանջէր Ռուսաստանէն դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները Ուքրանիոյ մէջ եւ դուրս բերել իր զօրքերը այդ երկրի տարածքէն: ՄԱԿ-ի 193 անդամ պետութիւններէն 141-ը կողմ քուէարկած է բանաձեւին, 5-ը՝ դէմ, 35-ը՝ ձեռնպահ: Հայաստանը ձեռնպահ քուէարկողներու շարքին է: Գլխաւոր վեհաժողովի բանաձեւը չունի պարտադիր իրաւական ուժ:
Փետրուար 28-ին ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդը որոշում ընդունած էր Ուքրանիոյ իրավիճակին վերաբերեալ հրատապ քննարկումներ կատարելու մասին: Քուէարկութեան մասնակցած երկիրներէն 29-ը կողմ արտայայտուած էին, 13-ը` ձեռնպահ, 5-ը` դէմ: Այդ քուէարկութեան ժամանակ Հայաստանը եւս ձեռնպահ արտայայտուողներու շարքին էր: