image

Ուքրանիա գործի դրած է «Հիմարս» հրթիռները. Կան տասնեակ ռուսազգի զոհեր

Ուքրանիա  գործի դրած է «Հիմարս» հրթիռները. Կան տասնեակ ռուսազգի զոհեր

Ուքրանական զինուժի՝ ռուս զինուորականներու ժամանակաւոր տեղակայման կէտի վրայ հարուածներու հետեւանքով Մաքէեւկայի մէջ 63 ռուս զինծառայող զոհուած է: Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ Դաշնութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը։

Նշուած է, որ հարուածները եղած են HIMARS համազարկային կրակի համակարգերով։ Ուքրանական կողմը վեց հրթիռ արձակած է, որոնցմէ երկուքը  խոցուած են Ռուսիոյ հակաօդային պաշտպանութեան համակարագերու կողմէ։

«Ժամանակաւոր տեղակայման կէտի՝ չորս հրթիռով խոցման հետեւանքով 63 ռուս զինծառայող զոհուած է»,- յայտնած են ՌԴ ՊՆ-էն։ Նշուած է, որ զոհուած զինծառայողներու հարզատներուն պիտի ցուցաբերուի անհրաժեշտ օգնութիւն ու աջակցութիւն։