Ուքրանիոյ ռազմաօդային ուժերը յայտնած են շաբաթ գիշերը ՄիԿ-29 կործանիչի վթարի ենթարկման մասին, որու հետեւանքով օդաչուն զոհուած է:
Այս մասին հաղորդած է «Ռիա Նովոսթի»ն:
«2025 թուականի օգոստոս 23-ի գիշերը, մարտական առաջադրանքը կատարելէ ետք, ՄիԿ-29 կործանիչի օդաչու Պոնտար Սերկէյ Վիքթորովիչը, ծնած 1979 թուականին, մահացած է վայրէջքի ժամանակ», -ըսուած է Ուքրանիոյ ռազմաօդային ուժերու Telegram ալիքին հրապարակուած յայտարարութեան մէջ։
Ուքրանիոյ ռազմաօդային ուժերը աւելցուցած են, որ վթարի հանգամանքներն ու պատճառները կը քննուին։