image

Ուաֆիք Սաֆա՝ «Առեղծուած»ը

 Ուաֆիք Սաֆա՝ «Առեղծուած»ը

 Անշուշտ այս բոլորը  իրար քով շարելէ ետք   բոլորին համար պարզ կը դառնայ, որ Իսրայէլ տէրութիւնը  շատ երկար եւ ուսումնասիրուած աշխատանք կատարած է, ոչ միայն թափանցելու «Հըզպալլա»ի խորքը, այլ նաեւ ճանչնալու անոր հանրայայտ գործիչներն ու ազդեցիկ անունները, որոնցմէ  մէկն էր անշուշտ  Ուաֆիք Սաֆան։

 Աւարտին յիշեցնենք, որ ըստ վերջին տուեալներուն, Սաֆա կը գտնուէր  Պէյրութի «Նուայրի» շրջանի այն շէնքին մէջ, որ երէկ թիրախ դարձաւ Իսրայէլեան հարուածներուն եւ որուն հետեւանքով ալ վերջինս ծանրօրէն վիրաւորուելով փոխադրուեցաւ հիւանդանոց եւ ներկայիս կը գտնուի բժիշկներու խնամքին տակ։

Անցնող ժամերուն մէկէ աւելի արեւմտեան հարթակներ նիւթեր տարածեցին  «Հըզպալլա» լաւագոյն քատրերէն մէկուն մասին, որ կը կոչուի Ուաֆիք Սաֆա։

Լիբանանեան  աղբիւրները կարդալով արագօրէն պիտի նկատենք, որ Սաֆա  «Հըզպալլա» կազմակերպութեան  արտաքին յարաբերութիւններու գլխաւոր պատասխանատուն է։

Այս սակայն պաշտօնական վարկած կամ տեղեկութիւն է, որովհետեւ 1960-ին  Լիբանանի հարաւին մէջ իր աչքերը բացած Սաֆան ստանձնած է շատ աւելի խորքային եւ կարեւոր պաշտօններ, քան ինչ կը գրուի մամուլին մէջ։

 Ներքին իմաստով Սաֆա  երկար ժամանակէ ի վեր կը համարուէր կուսակցութեան  ներ-լիբանանեան յարաբերութիւններու թիւ մէկ համակարգողը։ Ան նաեւ ունէր այնպիսի ազդեցութիւնը, որ կը կարողանար ցանկացած պահու եւ ցանկացած փուլի իր կուսակցութեան հիմնական առաջադրանքն ու մօտեցումը «պարտադրել» դիմացի կողմին։

Այս առումով բոցավառ օրինակ պէտք է համարել Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հարցը, որուն թղթածրարը  Սաֆայի ուղղակի միջամտութեամբ եւ ընդհանրապէս վայրկեաններու մէջ «սառեցուեցաւ...»։ Անշուշտ կարելի է թուարկել  նման տասնեակ օրինակներ, որոնց  պարագային Սաֆա ցոյց տուած է հմուտ դիւանագէտի եւ վարպետ գործիչի  յատկութիւնները եւ ատոնց շնորհիւ ալ կարողացած է բարւոք լուծումներու հասնիլ։

 

 

Իր կարգին իսրայէլեան  Ynet  կայքը, որ Սաֆային մասին բաւական ծաւալուն նիւթ մը հրապարակած է մասնաւորապէս կը նշէ, որ «Հըզպալլա»ի կարեւոր  գործիչը  ստանձնած էր շատ  կարեւոր աշխատանքներ ու այդ ծիրին մէջ ան կը համարուէր «Հըզպալլա»ի «յատուկ գործիչներ»ու դէպի Ամերիկեան  ափեր ապահով կերպով ուղարկելու առաքելութիւնը, ուր անոնք «երկար առաքելութիւններ» կ՚իրականացնէին։

 Աղբիւրը նաեւ կը նշէր, որ Ուաֆիք Սաֆա տարբեր փուլերու եղած է կուսակցութեան յատուկ բանագնացը  ի մասնաւորի գերիներու փոխանակման ժամանակ, որ տեղի ունեցաւ   թուականի պատերազմի աւարտէն ետք եւ պսակուեցաւ մեծ յաջողութեամբ։ 

Անշուշտ այս բոլորը  իրար քով շարելէ ետք   բոլորին համար պարզ կը դառնայ, որ Իսրայէլ տէրութիւնը  շատ երկար եւ ուսումնասիրուած աշխատանք կատարած է, ոչ միայն թափանցելու «Հըզպալլա»ի խորքը, այլ նաեւ ճանչնալու անոր հանրայայտ գործիչներն ու ազդեցիկ անունները, որոնցմէ  մէկն էր անշուշտ  Ուաֆիք Սաֆան։

Աւարտին յիշեցնենք, որ ըստ վերջին տուեալներուն, Սաֆա կը գտնուէր  Պէյրութի «Նուայրի» շրջանի այն շէնքին մէջ, որ երէկ թիրախ դարձաւ Իսրայէլեան հարուածներուն եւ որուն հետեւանքով ալ վերջինս ծանրօրէն վիրաւորուելով փոխադրուեցաւ հիւանդանոց եւ ներկայիս կը գտնուի բժիշկներու խնամքին տակ։

 

 

 

 

 

 

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...