Լուսանկարի ոստիկանը բոլորին աչքի առաջ կոտրել է քաղաքացի Մհեր Ստեփանեանի ձեռքը: Այս մասին Ֆէյսպուքի իր էջով գրած է փաստաբան Ամրամ Մակինեանը, որ նաեւ լուսանկարներ տեղադրած է:
«Քաղաքացին տեղափոխուել է հիւանդանոց», յաւելած է ան:
Նշենք, որ «Դիմադրութիւն» շարժումը վաղ առաւօտէն վերսկսած էր անհնազանդութեան գործողութիւնները` Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով: Երեւանի տարբեր հատուածներու մէջ անոնք փողոցներ փակած են: Կան բազմաթիւ բերման ենթարկուածներ: