7 Սեպտեմբերին, Ատրպէյճանէն Հայաստանի Հանրապետութիւն վերադարձուած է ՀՀ-ի երկու քաղաքացի: Անոնց փոխարէն ատրպէյճանական կողմին փոխանցուած է Արցախ կալանաւորուած ատրպէյճանցի զինծառայող՝ Ճամիլ Պապաեւը, որ 25 Օգոստոսին ապօրինի հատած էր սահմանը ու մտած Արցախի Մարտակերտի շրջանի տուներէն մէկը։
Գերիներու վերադարձը ՀՀ տեղի ունեցած է Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատար, զօրավար-լեյտենանտ՝ Ռուստամ Մուրատովի միջնորդութեամբ։
Վերադարձուած 2 քաղաքացիները 14 Յուլիսին Սեւ լիճի տարածքէն անհետացած ՀՀ հարաւ արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած ՀՀ ԶՈւ N զօրամասի զինծառայողներ՝ Արթուր Նալպանտեանն ու Արամայիս Տոռոզեանն են:
Լուրը՝ «Թերթ.ամ»էն