Բրիտանացի հոգեւորական Թիմ Հիւիսը կարած է բերանը, որպէս բողոք՝ Ռոպերթ Մերտոքին պատկանող լրատուամիջոցներուն մէջ կլիմայական փոփոխութիւններու խնդրին ոչ բաւարար լուսաբանման պատճառով:
Ինչպէս գրած է Correspondent-ը, 71-ամեայ հոգեւորականը բերանը կարած է Լոնտոնի մէջ գտնուող News Corporation հոլտինկի շէնքի մօտակայքը: Հոլտինկը (ընկերութիւններու խումբ) կը պատկանի ամերիկացի մետիա ղեկավարութեան:
«Կը կարեմ բերանս, որպէսզի ցոյց տամ այն սարսափելի եւ դաժան քաոսը, որոնք աշխարհին բերած են Մերտոքի գործողութիւնները եւ խորհրդանշականօրէն տեսանելի դարձնեմ իրականութիւնը: Այսօր աշխարհի մէջ մեծ թիւով մարդիկ զրկուած են ձայնի իրաւունքէ եւ կը տառապին կլիմայական արտակարգ պայմաններու պատճառով»,- նախապէս մեկնաբանած է հոգեւորականը:
Անոր խօսքով՝ Մերտոքը տասնամեակներ շարունակ հերքած է կլիմայի փոփոխութեան խնդիրն ու այդ հարցով ազդած է կառավարութեան վրայ:
News Corporation-ի կազմին մէջ ընդգրկուած են Wall Street Journal, Times, Sun եւ New York Post թերթերը եւ շարք մը այլ ընկերութիւններ:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ