image

Ողբերգական դէպք Լիբանանի մէջ. Փախստականներու մակոյկ մը խորտակուած է.Կան տասնեակ զոհեր (Տեսանիւթ)

   Ողբերգական դէպք Լիբանանի մէջ. Փախստականներու մակոյկ մը խորտակուած է.Կան տասնեակ զոհեր (Տեսանիւթ)

 

 Լիբանանի վարչապետ Նաժիպ Միքաթի իմանալէ ետք ողբերգական դէպքին մասին վաղը ողջ Լիբանանի տարածքին «սուգի օր» յայտարարած է։

 

 Լիբանանեան Թրիփոլի քաղաքի ծովեզերքին ողբերգական դէպք մը գրանցուած է։

 Մակոյկ մը, որուն մէջ եղած են շրջանէն հեռանալ ուզող 60-է աւելի փախստականներ խորտակուած է։

 

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ լիբանանեան ԶԼՄ-ներէ։

 

 

 

 Կը նշուի, որ դէպքը եղած է երէկ գիշեր, երբ մակոյկը զառնուած է Լիբանանի ծովային ուժեր սահմանապահ մէկ նաւուն։

 Բանակային ուժեր յաջողած են մակոյկին մէջ եղող 48 անձեր եւ նախնական տուեալներով կը հաղորդուի, որ զոհերուն թիւը անցած է 14-ը։

 Կը հաղորդուի նաեւ, որ փախստականներուն մեծ մասը եղած է Թրիփոլի քաշաքի «Քըպպէ» շրջանէն։

 Լիբանանի վարչապետ Նաժիպ Միքաթի իմանալէ ետք ողբերգական դէպքին մասին վաղը ողջ Լիբանանի տարածքին «սուգի օր» յայտարարած է։