Գահիրէի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Կասիա Տէօվլէթեան-Ճըղալեանը։
Վաղահաս մահը եղած է ծանր հիւանդութեան հետեւանքով։
Կը նշուի նաեւ, որ հանգուցեալը եղած է ՌԱԿ-ի անդամ ու նաեւ ՀԲԸՄ Եգիպտոսի Շրջանային Վարչութեան եւ Կոկանեան Սրահի մշակութային յանձնախումբի անդա։
***Հանգուցեալի յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցած է Կիրակի, 4 Յունիսի կէսօրէ ետք ժամը 2-ին, Գահիրէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք հանգուցեալին մարմինը պիտի տեղափոխուի ու ամփոփուի Հելիոպոլսոյ հայոց գերեզմանատան մէջ։
Այս տխուր առթիւ մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի ամուսնոյն ՌԱԿ գործիչ՝ Հրայր Ճըղալեանի, ու նաեւ համայն Ճըղալեան եւ Տէօվլէթեան ընտանիքներուն։