5 Սեպտեմբերին աշխատանքային այցով Մոսկուա գտնուող ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովի հետ: Այս մասին կը տեղեկացնեն ԱԳՆ–էն:
Նախարար Միրզոյեան ցաւակցութիւն յայտնած է Աֆղանիստանի մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան դեսպանութեան մօտ պայթումի հետեւանքով զոհերու առնչութեամբ եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթած է տուժածներուն:
Հանդիպման ընթացքին Արարատ Միրզոյեան եւ Սերգէյ Լաւրով մանրամասն անդրադարձ կատարած են հայ-ռուսական ռազմավարական գործընկերութեան եւ դաշնակցային յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման վերաբերող շարք մը հարցերու, ներառեալ` առեւտրատնտեստական եւ գիտամշակութային ոլորտներու մէջ համագործակցութեան։
Նշելով, որ այս տարի կը լրանայ Հայաստանի ու Ռուսիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու 30-ամեակը եւ Բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխադարձ օգնութեան պայմանագրի 25-ամեակը, կողմերը գոհունակութիւն յայտնած են բոլոր, այդ շարքին` ամենաբարձր մակարդակներու վրայ հաստատուած աշխուժ երկխօսութեան, ՀԱՊԿ, ԵԱՏՄ, ԱՊՀ եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններու շրջանակներու հետ սերտ համագործակցութեան համար:
Զրուցակիցները քննարկած են տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան խնդիրներու լայն շրջանակ: Միտքեր փոխանակուած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերու, տարածաշրջանին մէջ տնտեսական եւ փոխադրային ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման աշխատանքներու վերաբերեալ։
Հանգամանալից անդրադարձ կատարուած է Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերաբերող հարցերու:
Արարատ Միրզոյեան կարեւորած է ռուսական կողմի ջանքերը, այդ շարքին՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան շրջածիրէն ներս՝ ուղղուած Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տեւական եւ համապարփակ կարգաւորման:
Վերահաստատուած է 2020թ. նոյեմբեր 9-ի, 2021թ. յունուար 11-ի եւ նոյեմբեր 26-ի եռակողմ յայտարարութիւններով ձեռքբերուած պայմանաւորուածութիւններու կեանքի կոչման կարեւորութիւնը:
Կարեւորուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի դերակատարութիւնը՝ հակամարտութեան գօտիի մէջ հրադադարի ռեժիմի ամրապնդման եւ սադրանքներու կանխման, Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան անվտանգութեան եւ կենսագործունէութեան պայմաններու ապահովման գործին։
Անդրադառնալով 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով առաջացած մարդասիրական խնդիրներուն՝ Արարատ Միրզոյեանն ընդգծած է հայ ռազմագերիներու եւ այլ պահուող անձանց շուտափոյթ հայրենադարձման, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներու մէջ հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանման անհրաժեշտութեան։
Նախարարներ Միրզոյեանն ու Լաւրովը քննարկած են Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի՝ Հայաստան նախատեսուած պետական այցի ու Երեւանի մէջ կայանալիք ՀԱՊԿ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նստաշրջանի կազմակերպման ընթացքը։