image

Վերանորոգումէն ետք. Քեսապի Սուրբ Աստուածածինը վերաբացաւ իր դռները

Վերանորոգումէն  ետք. Քեսապի  Սուրբ Աստուածածինը վերաբացաւ իր դռները

Օրերս, Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի, Քեսապի մէջ տեղի ունեցած է Քեսապի Ս. Աստուածածին նորոգուած եկեղեցւոյ վերօրհնութեան կարգը, որուն յաջորդած է Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ:

Այս մասին «Արեւելք»    վերահասու դարձաւ խմբագրութեանս  յղուած   հաղորդագրութիւնէն, որ կը ներկայացնենք ստորեւ՝

Հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի, Կիրակի, 10 Դեկտեմբեր 2023-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Քեսապի մէջ տեղի ունեցաւ Քեսապի Ս. Աստուածածին նորոգուած եկեղեցւոյ վերօրհնութեան կարգը։

Վերօրհնութեան կարգին յաջորդեց Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ: Օրուան պատարագիչն էր՝ Քեսապի հոգեւոր տեսուչ Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Վրդ. Քիւրիւմեան: Սրբազան Հօր կողքին արարողութեան ներկայ գտնուեցան Լիբանանէն ժամանած Գերպ. Տ. Շնորհք Ծ. Վրդ. Աշըքեան, Հալէպէն ժամանած Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան եւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ մեթր Սունպուլ Սունպուլեան: Պատարագին միացան նաեւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, Քեսապի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Պատուելի Շանթ Ակիշեան, Հալէպի Հայ Աւետարանական Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Պատուելի Սիմոն Տէր Սահակեան, Հալէպի Հայ Աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Պատուելի Ասատուր Մնչերեան, Լաթաքիոյ եւ Ծովեզերեայ շրջանի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն Ա. Քհնյ. Քէօշկէրեան, Լաթաքիոյ Ազգ. Երեսփոխաններ, թաղական խորհուրդի անդամներ եւ քեսապահայեր:

Պատարագի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր ձեռամբ օրհնուեցան եւ օծուեցան երկու սրբապատկերներ՝ Ս. Կոյս Մարիամի վերափոխման պատկերը, նուիրուած՝ Իտալիայէն Հոգշ. Տ. Յովսէփ Վրդ. Աշգարեանի կողմէ, եւ Քրիստոսի մկրտութեան պատկերը, գծագրուած եւ նուիրուած՝ Յորդանանէն տիկ. Արտա Արսլանեան-Պանայեանի կողմէ:

Սրբազան Հայրը գնահատանքի եւ շնորհաւորական խօսք ուղղեց Քեսապի հոգեւոր տեսուչ հայր սուրբին, եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին, ինչպէս նաեւ երախտագիտութեան խօսք՝ յայտնի եւ անյայտ բարերարներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին եկեղեցւոյ վերանորոգութեան սրբազան աշխատանքին, որպէսզի միշտ Աստուծոյ տունը պայծառ, փառաւոր եւ մաքուր մնայ: 

Պատարագէն ետք, Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ ներկաները բարձրացան եկեղեցւոյ «Սահակեան» սրահը, ուր տեղի ունեցաւ շնորհաւորական ընդունելութիւն եւ կոկիկ հիւրասիրութիւն: Քեսապի հոգեւոր տեսուչ Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Վրդ. Քիւրիւմեանը խօսք առնելով բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ հակիրճ կերպով անդրադարձաւ եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքներուն: Հայր Սուրբը գնահատեց թաղական խորհուրդը եւ տիկնաց յանձնախումբը, որոնք անքուն հսկեցին շինարարական աշխատանքները յաջողութեամբ ամբողջացնելու համար: Հայր Սուրբը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր բարերարներուն եւ սրբապատկերներու նուիրատուներուն: 

Սրբազան Հայրը իր սրտի խօսքը փոխանցելով դրուատիքով անդրադարձաւ Քեսապի հոգեւոր տեսուչին տարած աշխատանքին: Ան գնահատեց նաեւ թաղական խորհուրդը եւ Տիկնաց յանձնախումբը եւ բոլոր անոնք, որոնք շնորհակալ աշխատանք տարին այս ուղղութեամբ: Մակար Սրբազան իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով շնորհաւորեց քեսապահայութիւնը եւ աստուածային օրհնութեամբ լեցուն խաղաղ օրեր մաղթեց բոլորին: