Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին ներկայ գտնուած է Լիպերալ-դեմոկրատական կուսակցութեան առաջնորդ, Պետտումայի բոլոր գումարումներու պատգամաւոր Վլատիմիր Ժիրինովսքիի հրաժեշտի արարողութեան:
Ժիրինովսքիի քաղաքացիական հոգեհանգիստի արարողութենէն յետոյ քաղաքական գործիչը պիտի յուղարկաւորեն Նովոտեւիչեան գերեզմանատան մէջ:
Յիշեցնենք, որ 75-ամեայ Ժիրինովսքին «Քովիտ»ի պատճառով Փետրուար 2-ին տեղափոխուած է հիւանդանոց: Քաղաքական գործիչը մինչեւ Մարտ 11 եղած է արհեստական մահաքունի մէչ, որ անհրաժեշտ էր հիւանդի օրկանիզմին ուժերը պահպանելու համար: