image

Վեհափառը յոյս ունի, որ վերատեսութեան կ'ենթարկուի «Հայոց եկեղեցւոյ պատմութեան» առարկայի վերաբերեալ որոշումը

Վեհափառը յոյս ունի, որ  վերատեսութեան  կ'ենթարկուի «Հայոց եկեղեցւոյ  պատմութեան»  առարկայի  վերաբերեալ որոշումը

22 մայիսին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնայ մէջ ընդունած է Հայոց Եկեղեցւոյ պատմութիւն (ՀԵՊ) առարկայի հանրապետական ողիմպիատային մրցանակային տեղեր գրաւած աշակերտները:

Այս մասին յայտնած են Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգէն։

Հանդիպման սկիզբը Մայր Աթոռի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Հոգեշնորհ Տ. Զաքարիա ծ. վարդապետ Բաղումեան, հայցելով Նորին Սրբութեան օրհնութիւնը, ներկայացուցած է այս տարուան ՀԵՊ առարկայի ողիմպիատայի արդիւնքներն ու արձանագրած յաջողութիւնները՝ շեշտելով առարկայի սիրուած ըլլալն ու անոր կարեւոր դերակատարութիւնը մատաղ սերունդի ազգային-հոգեւոր կրթութեան եւ դաստիարակութեան գործին մէջ:

Այնուհետեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս, Իր սէրն ու օրհնութիւնը փոխանցելով ներկաներուն, շնորհաւորած է ողիմպիատայի մրցանակակիրները՝ ուրախութեամբ արձանագրելով, որ առարկան կարեւոր ձեռքբերում է նորանկախ հանրապետութեան կրթութեան ոլորտին մէջ։

Նորին Սրբութիւնը ցաւով նկատել տուած է, որ կրթական չափորոշիչներու փոփոխութեամբ դպրոցներուն մէջ պիտի դադրի առարկայի դասաւանդումը՝ յոյս յայտնելով, որ ՀՀ իշխանութիւններն անդրադարձ կ'ունենան այդ որոշման ու մեր զաւակներուն հնարաւորութիւն կ'ընձեռնուի ստանալ հոգեւոր գիտելիքներ եւ դաստիարակութիւն՝ հաւատարիմ մնալու նախնեաց ժառանգութեան ու ազգային արժեհամակարգին։

Հայոց Հովուապետն աշակերտները յորդորած է ջերմեռանդութեամբ եւ նախանձախնդրօրէն շարունակեն իրենց ուսումնառութիւնը, ամբարեն նոր գիտելիքներ եւ եկեղեցասիրութեամբ ու հայրենաճանաչութեամբ իրենց մեջ զօրացնեն նուիրումի ոգին՝ ի փառս հայրենիքի եւ Մայր Եկեղեցւոյ:

Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը նաեւ իր գնահատանքը փոխանցած է Հայր Զաքարիային եւ ՀԵՊ ուսուցիչներուն՝ պատանի հայորդիները տարիներ շարունակ քրիստոնէական եւ ազգային արժեհամակարգով կրթելու ու դաստիարակելու իրենց կատարած նուիրեալ աշխատանքին համար՝ ընդգծելով, որ անոր վառ վկայութիւնը աշակերտներու արձանագրած յաջողութիւններն են։

Վերջաւորութեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը պատասխանած է աշակերտները հետաքրքրող հարցերուն: