image

Վազգէն Թեւանեան ՝ Զաղրեպի մրցաշարքի ախոյեան

Վազգէն Թեւանեան ՝ Զաղրեպի մրցաշարքի ախոյեան

Ազատ ոճային ըմբիշ, Եւրոպայի ախոյեան Վազգէն Թեւանեանը դարձաւ Զաղրեպի մէջ ընթացող միջազգային մրցաշարի յաղթող:

Եզրափակիչը չկայացաւ իրանցի ըմբիշի վնասուածքի պատճառով, յաղթանակը շնորհուեցաւ հայ ըմբիշին։

Յիշեցնենք, որ կիսաեզրափակիչին 65 քիլոկրամ քաշային հայ ըմբիշը 9:1 հաշուով յաղթանակ տարած է Փորթօ Ռիքոյի ներկայացուցիչ, աշխարհի ախոյեան Սեպասթիան Ռիվեյրայի նկատմամբ եւ անցած եզրափակիչ:

Թեւանեանը պայքարը սկսած էր 1/8 եզրափակչէն, ուր 12:1 հաշուով վստահ առաւելութեան հասած էր Ֆրանսան ներկայացնող Արսամերզոեւի նկատմամբ: Քառորդ եզրափակիչին արդէն հայ ըմբիշ 5:2 հաշուով յաղթած էր ԱՄՆ ներկայացուցիչին:

Նշենք՝ Թեւանեանը Հայաստանի միակ ներկայացուցիչն էր Զաղրեպի մրցաշարին: Վարկանիշային մրցաշարին կը մասնակցին յունահռոմէական եւ ազատ ոճի ըմբիշները, ինչպէս նաեւ կանայք՝ ընդհանուր 550 մարզիկ։

Մրցաշարը կ՚ընթանայ մինչեւ յունուար 14-ը։