Shamshyan-ի հաղորդմամբ՝ արտակարգ իրավիճակ ստեղծուած է Վայոց ձորի մարզին մէջ։ Ջերմուկի խաչմերուկէն դէպի Սարաւան, Սիսիանի Զանգեր հատուածին մէջ, եղանակի, վատ տեսանելիութեան ու թեթեւ բուքի պատճառով երթեւեկութիւնը ժամանակաւորապէս դադրեցուած է։
100-է աւելի մեքենաներ չեն կրնար շարժիլ։
Ճանապարհաշինականները աշխատանքներ կը կատարեն ճանապարհներուն։
«Ճանապարհային դեպարտամենտ» հիմնադրամը կը տեղեկացնէ, որ դեկտեմբեր 22-ին՝ ժամը 20։00-ի դրութեամբ, Մեղրիի, Արարատի, Ջերմուկի, Աշոցքի, Անիի, Թալինի, Աբովեանի, Սիսիանի, Սեւանի տարածաշրջաններուն մէջ եւ Սարաւանի լեռնանցքին մէջ ձիւն կը տեղայ։
Ձիւնի եւ բուքի պատճառով Վարդենեաց լեռնանցքը կցորդով փոխադրային միջոցներու համար դժուարանցանելի է։
Միջպետական եւ հանրապետական նշանակութեան միւս ճանապարհները բաց են: Ճանապարհաշինարարները ճանապարհներուն կ՚իրականացնեն մաքրման եւ աղ-աւազով մշակման աշխատանքներ:
Վթարներէն, պատահարներէն եւ խցանումներէն խուսափելու համար վարորդներուն խորհուրդ կը տրուի երթեւեկել բացառապէս ձմեռնային անուադողերով: