Օրերս, Իրաքի հիւսիսային շրջանի Աւզրուկ զուտ հայկական գիւղի Սուրբ Վարդան եկեղեցւոյ մէջ, Սրբոց Վարդանանց Տօնին առիթով, մատուցուած է Ս. Եւ Անմահ պատարագ։ Պատարագած է Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գեր. Տ. Օշական եպս. Կիւլկիւլեանը։ Նաեւ կատարուած է աւանդական Հարիսայի օրհնութիւն։
Այս մասին իմացանք՝ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Իրաքի Հայոց թեմի դիմատետրեան պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ կը ներկայացնենք եղած գրառումը.-
Այսօր, Փետրուարի 10ին, Սրբոց Վարդանանց Տօնին առիթով հանդիսաւոր Ս. Եւ Անմահ պատարագ մատուցուեցաւ հիւսիսային շրջանի Աւզրուկ զուտ հայկական գիւղին մէջ:
Պատարագը, որն կատարուեցաւ գիւղի Սուրբ Վարդան եկեղեցւոյ մէջ և հոծ հաւատացեալներու մասնակցութեամբ՝ մատուցեց Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գեր. Տ. Օշական եպս. Կիւլկիւլեանը: Յընթացս Սուրբ պատարագի կատարուեցաւ աւանդական Հարիսայի օրհնութիւն։
Յիշատակութեան արժանի է, որ գիւղի մուտքին՝ բնակիչները Սրբազան Հօր դիմաւորած էին անսահման ուրախութեամբ եւ «Դհոլ-զուռնայի» ոգեշնչող նուագներով: Նոյնն էր վիճակը նաեւ պատարագէն ետք: Ճաշէն յետոյ գիւղի բնակիչները նաեւ մօտակայ շրջաններէն ժամանած հիւրերը մեծ խանդավառութեամբ ողջունեցին Սրբազան Հօր ներկայութիւնը իրենց մէջ:
Այս հոգեպարար միջոցառման մասնակցեցան՝ Էրպիլի, Տհօքի և Զախոյի արժանապատիւ քահանայ հայրերը և նոյն շրջաններու թաղական խորհուրդներու ատենապետներն ու անդամներէն ոմանք:
Յ.Գ.
Շնորհակալութիւն պրնք. Իվոն Պօղոսեանին և Դավիթ Մարտիրոսեանին, լուսանկարներռւ հայթայթման համար։