Հայաստան կատարած այցի ժամանակ ՀԱՊԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասը հանդիպած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Այս մասին լրագրողներու հետ 5 հոկտեմբերի հանդիպմանն ըսած է Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ Արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սերգէյ Քոփիրքինը։
Դեսպանի տեղեկացմամբ՝ Զաս զեկուցած է այն կէտերու մասին, որոնք ՀԱՊԿ-ի միաւորուած շտաբի քարտուղարութիւնը մտադիր է ձեւակերպել անդամ պետութիւններու ղեկավարներու քննարկման համար։ «Ես կը կարծեմ, որ խօսքը յստակ քայլերու մասին է, որոնք պէտք է գործնականօրէն ցոյց տան տարածաշրջանին մէջ կազմակերպութեան ներկայութիւնն ու դերը»,- աւելցուցած է Քոփիրքինը։
Նշենք, որ ՀԱՊԿ-ի կրաւորական արձագանգը Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի դէմ ատրպէյճանական յարձակման առաջացուցած է Հայաստանի իշխանութիւններու եւ հասարակութեան անվստահութիւնը կազմակերպութեան հանդէպ, հնչած են անմիջական պարտաւորութիւններու չկատարման մասին յայտարարութիւններ։