image

Վարանդայէն եւս մէկ աճիւն յայտնաբերուած է

Վարանդայէն եւս մէկ աճիւն յայտնաբերուած է

2020-ի ռազմական գործողությիններու ընթացքին զոհուած եւ անհետ կորսուած զինուորներու եւ քաղաքացիական անձերու մասունքներու որոնողական աշխատանքները փրկարարական մէկ ջոկատով իրականացուած է Վարանդայի (Ֆիզուլի) շրջանին մէջ։

Փրկարարները յայտնաբերած ու տարհանած են եւս մէկ հայ զինուորի մասունք:

Անոր ինքութիւնը պիտի հաստատուի դատաբժշկական փորձաքննութենէ յետոյ:

Յիշեցնենք, որ 2020-ի Նոյեմբեր 13-էն առ այսօր որոնողական աշխատանքներու եւ ատրպէյճանական կողմին հետ դիերու փոխանակման շնորհիւ հաստատուած է ընդհանուր 1709 մասունք։