Թուրքիոյ արեւելքը գտնուող Վանայ լիճը, որ երկրի ամենամեծ լիճն է, աստիճանաբար կը կորսնցնէ ջուրը կլիմայի փոփոխութեան պատճառով, գրած է Sabah-ը։
Վանայ լճի շուրջի ճաքած հողը բնական աշխարհագրական առանձնայատկութիւն կը կարծուի, բայց իրականութեան մէջ համազգային երաշտի վերջին նշանն է, որ սրուած է կլիմայական ճգնաժամի պատճառով:
Աւելի լայն աւազանը, որ կ'ընդգրկէ Թուրքիոյ ամենամեծ լիճը եւ անոր շրջակայքի այլ ջրային միջոցները, ներկայիս կը տառապի սաստիկ երաշտէ։ Տեղումներու քանակի եւ գոլորշացման նուազման հետ մէկտեղ, որոնք կը սրուին աւելի բարձր ջերմաստիճաններու պատճառով, կը նկատուի ջուրի մակարդակի նուազում: Որոշ տեղեր ջուրի մակարդակը իջած է 3 մեթրով, իսկ այլ տեղեր մինչեւ 10 քառակուսի քիլոմեթր տարածքներ զուրկ են ջուրէ։
Հազարաւոր տարիներու ընթացքին գոյացած նստուածքաշերտերը, աղէտի մաշտապի ամենավառ ցուցիչներն են։ Այս հնագոյն ժայռերը, որոնք առաջ լճի յատակը կը տեսնուէին միայն սուզորդներու կողմէ, արդէն տեսանելի են ցամաքը, ինչ որ անհանգստութիւն կ'առաջացնէ լճի ապագայի վերաբերեալ: Լճի արբանեակային լուսանկարները յստակ ցոյց կու տան տարիներու ընթացքին տեղի ունեցած փոփոխութիւնները, մինչդեռ փորձագէտները կը զգուշացնեն, որ երաշտը այժմ գլխաւոր մտահոգութիւնն է ամբողջ աւազանի համար:
Փրոֆեսոր Մուսթաֆա Աքքուշ զգուշացուցած է, որ երաշտի ազդեցութիւնը լճի վրայ միայն կը վատթարանայ։ «Մեզի ջրային միջոցներու լաւ կառավարում պէտք է ՝ ինչպես Վանը, այնպէս ալ երաշտային այլ լճերը պահպանելու եւ փրկելու համար: Մեզի ճիշդ եւ կայուն ջրային քաղաքականութիւն պէտք է », ընդգծած է ան։
Չնայած այն հանգամանքին, որ Թուրքիան շրջապատուած է ծովերով, ան կը տառապի ջուրի պակասէն, եւ իշխանութիւնները կը մշակեն այդ խնդիրը լուծելու ծրագիրներ։ Կլիմայի փոփոխութիւնը կրնայ ըլլալ հիմնական մեղաւորը, սակայն այդ գործօն չէ, ըսած է Աքքուշ։ Աքքուշն նաեւ ըսած է, որ Վանայ լիճը աւելի խոցելի է այլ ջրաւազաններու համեմատ: