image

Երկրաշարժի խնդիր. Կիպրոսը վտանգուա՞ծ

Երկրաշարժի խնդիր. Կիպրոսը վտանգուա՞ծ

 

Թուրք յայտնի երկրաշարժագէտ Նաճի Կիւրիւր, որ կանխատեսած էր 6 փետրուարի երկրաշարժերը, նախազգուշացուցած է Կիպրոսի  եւ թրքական Պինկէօլ ու Ատանա նահանգներու մէջ նոր հզօր երկրաշարժերու վտանգի մասին։

Թուրք երկրաշարժագէտ, Թուրքիոյ գիտութիւններու ակադեմիայի անդամ, փրոֆեսոր Նաճի Կիւրիւր դեռ 2022-ի ապրիլին քանի մը քիլոմեթր ճշգրտութեամբ կանխատեսած էր 6 փետրուարին Թուրքիոյ հարաւ-արեւելքը ցնցած երկրաշարժի կեդրոնական գօտին։

Ըստ գիտնականին՝ երկրաշարժի պարագային տեղի կ'ունենայ ուժի արտանետում բեկուածքի մէկ ծայրին մէջ, ուժի մէկ մասը կ'անցնի միւս ծայր։ «Քահրամանմարաշի երկրաշարժերէն ետք մենք նախազգուշացուցած ենք Ատանայի եւ Հաթայի մէջ հնարաւոր երկրաշարժերու մասին։ Պինկէօլ նահանգի մէջ, բացի Քարլըովա եւ Կէօնեուք բնակավայրերէն, Արեւելաանատոլիական բեկուածքի ուժը արդէն արձակուած է։ Ես երկրաշարժ կը սպասեմ Ատանայի մէջ, եթէ այն տեղի ունենայ, ապա ուժի զգալի մասը պիտի արձակուի, եւ բեկուածքը «պիտի լռէ»,- ըսած է Կիւրիւր TGRT հեռուստաալիքին։

Ան նորէն յիշեցուցած է Իսթանպուլին առաջիկայ տարիներուն սպառնացող երկրաշարժի մասին եւ կոչ ըրած է միջոցներ ձեռնարկելու ատոր նախապատրաստուելու համար։

«Քահրամանմարաշի երկրաշարժերը 6 փետրուարին կրնային ազդեցութիւն ունենալ Ատանայի, Պինկէօլի եւ Կիպրոսի վրայ, պէտք է նախազգուշացնել այնտեղ երկրաշարժերու մասին։ Եթէ ատոնք տեղի ունենան, ապա Արեւելաանատոլիական բեկուածքը «կը քնանայ»,-ըսած է գիտնականը։