image
Հրատապ լուրեր:

Վախճանած է Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ երիցագոյն միաբաններէն՝ Արհի. Տ. Մանուէլ եպս. Պաթագեանը

 Վախճանած է Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ երիցագոյն միաբաններէն՝ Արհի. Տ. Մանուէլ եպս. Պաթագեանը

Պէյրութի մէջ  այս առաւօտ ի Տէր հանգած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ երիցագոյն միաբաններէն՝ Արհի. Տ. Մանուէլ եպս. Պաթագեանը։

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւնը ստացաւ «Ռատիօ Վատիկան»ի հայկական ծառայութիւնէն։

Աղբիւրը մասնաւորապէս կը գրէ՝ 

Սրտի մեծ կսկիծով իմացանք որ այսօր առաւօտեան Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանէն ներս երկար հիւանդութենէն մը ետք իր մահկանացուն կնքեց Արհ. Մանուէլ Եպիսկոպոս Պաթագեանը։

Ան մեծ անձնուիրումով եւ անխոնջ նուիրուածութեամբ ծառայած է իրեն յանձնուած հօտին, ջանք չխնայելով ի նպաստ Աստուծոյ Արքայութեան կերտումին՝ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիէն ներս:

Գերապայծառ Պաթագեան ծնած էր Գոգինիա (Յունաստան) 5 նոյեմբեր 1929ին։ Քանի մը տարի Զմմառու կղերանոցը անցընելէ ետք` ուղարկուած է Լեւոնեան Ք. Վարժարան 1946ին։

Քահանայ ձեռնադրուած է` 8 դեկտեմբեր 1954ին Հռոմի մէջ անդամակցելով Զմմառու Պատրիարքական կղեցի միաբանութեան ապա մեկնած է Պէյրութ ուր ծառայութիւն մատուցած է տարբեր ժողովրդապետութիւններուն մէջ։ 1978էն մինչեւ 1984 Ան եղած է Պատրիարքական Փոխանորդ` որպէս Զմմառու վանքի մեծաւոր ապա պաշտօնավարած է Փարիզի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ թեմէն ներս։ 1990-ին նշանակուած է Հռոմի Քահանայապետական վարժարանի մեծաւոր։

Եպիսկոպոս ձեռնադրուած է` 12 մարտ 1995-ին ձեռամբ երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ Գասպարեան կաթողիկոս Պատրիարքին դառնալով Պէյրութի Թեմին օգնական եպիսկոպոս։ 30 նոյեմբեր 2000 թուականին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ օրով նշանակուեցաւ Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Տիրամայր Նարեկի Թեմին առաջնորդ, ուր իր ծառայութիւն մատուցեց մինչեւ իր տարիքի բերումով հրաժարականը` 2011 թուականին։

Վերջին տարիներուն փոխադրուած էր Լիբանան ուր հակառակ յառաջացած տարիքին շարունակեց մեծ նուիրումով ծառայել իր համայնքին։

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ Եղիցի։