image
Հրատապ լուրեր:

Վաղարշապատ համայնքին մէջ այսօր ՏԻՄ ընտրութիւններ են․ կը մասնակցի 8 ուժ

Վաղարշապատ համայնքին մէջ այսօր ՏԻՄ ընտրութիւններ են․ կը մասնակցի 8 ուժ

Այսօր՝ նոյեմբեր 16-ին, Վաղարշապատ խոշորացուած համայնքին մէջ համամասնական ընտրակարգով աւագանիի ընտրութիւններ են: Ընտրութիւններն կայացնելու համար կազմաւորուած են 47 տեղամասեր: Այս մասին յայտնած են ԿԸՅ-էն։

«Առաւօտեան ժամը 8.00-ին, ՀՀ ընտրական օրէնսգրքով սահմանուած կարգով բացուել են ընտրութիւնների համար ձեւաւորուած բոլոր 47 ընտրական տեղամասերը եւ ընդունել առաջին ընտրողներին: Ընտրողների ելեկտրոնային գրանցման նպատակով օգտագործւում է 117 տեխնիկական սարքաւորում:  

Ընտրութիւնների եւ քուէարկութեան վերաբերեալ լուսաբանում իրականացնելու համար հաւատարմագրուել են 31 տեղական զանգուածային լրատւութեան միջոցներ (209 ներկայացուցիչ):

Ընտրութիւնները դիտարկելու նպատակով հաւատարմագրուել է 6 դիտորդական առաքելութիւն, որից երկուսը՝ համատեղ (233  ներկայացուցիչ)։

Վաղարշապատ համայնքի ընտրողների թիւը, ըստ Ներքին գործերի նախարարութեան միգրացիայի եւ քաղաքացիութեան ծառայութեան տուեալների, 69866 է»,ըսուած է Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի յայտարարութեան մէջ։

Յիշեցնենք, որ Վաղարշապատ համայնքին մէջ ՏԻՄ ընտրութիւններուն կը մասնակցին՝ «Հայրենիք» կուսակցութիւնը, «Յաղթանակ» կուսակցութիւններու դաշինքը, «Մայր Հայաստան» ազգային-դեմոկրատական կուսակցութիւնը, «Ժառանգութիւն» կուսակցութիւնը, «Համահայկական ճակատ» կուսակցութիւնը, «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը, «Ազատ դեմոկրատներ» կուսակցութիւնը, «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնը։