image

Վաղարշապատ. 22-ամեայ աղջիկը դանակարահած է իրմէ 18 տարիով մեծ հարեւանը

Վաղարշապատ. 22-ամեայ աղջիկը դանակարահած է իրմէ 18 տարիով մեծ հարեւանը

24 Օգոստոսին, ժամը 23.30-ի սահմաններուն, Էջմիածին քաղաքի Բաղրամեան փողոցի շէնքերէն մէկու բակին մէջ կենցաղային հարցերու շուրջ տեղի ունեցած վիճաբանութեան ժամանակ 40-ամեայ տղամարդուն դանակահարած է 22-ամեայ հարեւանուհին: Այս մասին տեղեկացուցած են ՀՀ ոստիկանութենէն:

Դէպքի մասին ահազանգը Ոստիկանութիւնը ստացած է 25 օգոստոսին, «Վաղարշապատ» հիւանդանոցէն, օգոստոսի 25-ին: Բժշկական կեդրոնէն հաղորդած են, որ իրենց մօտ բուժօգնութեան տեղափոխուած է «որովայնի կտրած-ծակած, թափանցող վնասուածքով 40-ամեայ տղամարդ»:

Ոստիկաններու բացատրական աշխատանքի շնորհիւ 22-ամեայ աղջիկը ներկայացած է Վաղարշապատի բաժին եւ խոստովանած արարքը: