Հովուական այցով Քաթար գտնուող Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. Սարգիսեան այցելութիւն տուած է Տոհայի Մեսրոպեան (միօրեայ) Ազգային Վարժարան։
«Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք այդ առթիւ հրապարակուած լրատւութիւնը՝
Սրբազան Հայրը Այցելեց Տոհայի Մեսրոպեան Ազգային Միօրեայ Վարժարանը
Շաբաթ 10 Յունուար 2026-ին առաւօտեան, Սրբազան հայրը այցելեց Տոհայէն ներս գործող Մեսրոպեան Ազգային Միօրեայ վարժարանը եւ հանդիպում ունեցաւ տնօրէնութեան եւ աշակերտներուն հետ:
Մեսրոպեան Ազգային Միօրեայ Վարժարանը անցնող տարիներու ընթացքին Տոհայի մէջ ապրող մեր մատղաշ սերունդներուն ազգային շունչ, մշակութային հոգի եւ հայկական ինքնութիւն ջամբող կարեւորագոյն կեդրոնը եղած է, ուր ներքին ուժերով անցեալին եւ ներկայիս ազգայիններ նուիրումով դաստիարակեցին վարժարան յաճախող սերունդները:
Այս առումով Սրբազան հայրը իւրայատուկ կերպով գնահատեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին, որոնք կատարեալ զոհողութեամբ կը շարունակէն իրենց դաստիարակչական աշխատանքը վարժարանէն ներս:




