Յունուարի 6-ին մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածյայտնութեան տօնի առիթով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Սուրբ Պատարագ մատուցեց Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ մէջ:
Հայրապետական խաչվառազարդ թափօրը «Խորհուրդ խորին» շարականի հանդիսաւոր երգեցողութեամբ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին Սուրբ Տրդատի մատուռէն առաջնորդեց դէպի խորան:
Սուրբ Պատարագին որպէս առընթերականեր կը սպասաւորէին Մայր Աթոռի լուսարարապետ եւ վանական խորհուրդի ատենապետ՝ Գերաշնորհ Տ. Մուշեղ եպիսկոպոս Բաբայեանը եւ ԵՊՀ Աստուածաբանութեան ֆակուլտետի դեկան եւ Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ՝ Գերաշնորհ Տ. Անուշաւան եպիսկոպոս Ժամկոչեանը:
Սուրբ Պատարագի ընթացքին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը «քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ» հրեշտակաբարբառ աւետիսով ողջունեց աշխարհասփիւռ հայութեանը եւ տօնի առիթով յղեց իր պատգամը:
————
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՊԱՏԳԱՄԸ
ՄԵՐ ՏԷՐ ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻ ԱՌԻԹՈՎ
(Երեւան, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցի, 6 Յունուար, 2022 թ.)
Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. ամէն:
«Փառք ի բարձունս մեծիդ Աստուծոյ,
որ եկիր եւ փրկեցեր զտիեզերս Քոյով յայտնութեամբ»
(Շարական Սուրբ Ծննդեան):

Սիրելի հաւատաւոր ժողովուրդ,
Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան տօնին «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ» երկնաձայն աւետիսով, Մեր սէրն ու բարեմաղթանքները ձեզ` եկեղեցւոյ մէջ համախմբուած բարեպաշտ հաւատացեալներուդ, համայն մեր ժողովուրդին եւ Աստուածորդւոյ առջեւ խոնարհուած հովիւներուն ու հրեշտակներուն հետ կ'օրհնաբանենք մարմնացեալ Փրկիչին` ըսելով. «Փառք բարձունքներուն մեծդ Աստուծոյ, որ եկար եւ Քու յայտնութեամբ փրկեցիր տիեզերքը»:
Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան հրաշազարդ խորհուրդով այսօր փրկութեան յոյսն ու շնորհը վերստին կ'իջնէ արհաւիրքներէն ու աղէտներէն խռովայոյզ աշխարհի վրայ: Բեթղեհեմեան աստղի պայծառ շողարձակումով, Մանուկ Յիսուսի Ծննդեան շնորհով Բեթղեհեմ դարձած հոգիներէն կը ցրուի անյուսութեան խաւարը: Աստուած Իր Միածին Որդւոյ յայտնութեամբ հրաւէր կ'ուղղէ ողջ մարդկութեանը` իրենց սիրտերը դարձնելու Աստուածային անսահման սիրոյ յայտնութեան վկայարան, մեղքերէն սրբուելու, վերափոխուելու եւ նորոգութեան միջոցով փրկուելու: «Հեռո՛ւ վանեցէք ձեզմէ հին մարդուն իր նախկին կենցաղով, այն, որ ապականուած է խաբեպատիր ցանկութիւններով. նորոգուեցե՛ք ձեր միտքով եւ հոգիով ու հագե՛ք նոր մարդը, որ ստեղծուած է ըստ Աստուծոյ` արդարութեամբ եւ ճշմարիտ սրբութեամբ»,- կը յորդորէ առաքեալը (Եփ. 4.22-24):
Մարդու նորոգութեան ու փրկութեան ուղին Աստուծոյ պատուիրաններով ապրիլն է, մեղքի կապանքներէն ազատագրումը, ինչը հաստատուն երաշխիքն է մարդկութեան յարատեւութեան եւ գրաւականը՝ յաւիտենական երանութեան: Փրկիչ մեր Տէրը, որպէս Աստուծոյ առ մարդն ունեցած անսահման սիրոյ եւ հոգատարութեան առհաւատչեայ, կը հաւաստէ, որ աշխարհը կրնայ վերափոխուիլ, տառապանքի ու անարդարութեան իրականութիւնը կրնայ վերածուիլ երանութեան վայրի` ըստ Եսայի մարգարէի վկայութեան. «Դժուարին տեղերը պիտի դիւրին դառնան եւ առապարները` դաշտեր: Պիտի յայտնուի Տիրոջ փառքը, եւ ամէն մէկ մարմնաւոր պիտի տեսնէ Աստուծոյ փրկութիւնը» (Եսայի 40.4-5):
Սիրելի բարեպաշտ ժողովուրդ, Սուրբ Ծննդեան հրեշտակաձայն աւետիսը այս օրերուն` աղէտալի պատերազմի կորուստներու ցաւով մորմոքուող, բեկուած ու տագնապած, անորոշութիւններով անհանգիստ մեր սիրտերուն մխիթարութիւն ու սփոփանք է, որ Տիրոջ փրկարար շնորհներով զօրանանք, հաւատով փոխակերպուինք եւ յոյսով յաղթանակենք: Այսպիսի ոգիով ու ընթացքով, անտարակոյս, պիտի կրնանք յաղթահարել պատուհասներն ու նեղութիւնները եւ հզօրանալ որպէս ժողովուրդ ու պետութիւն, հայրենիք եւ սփիւռք: Մեր հայրերը մեզ ուսուցանած են, որ աննկուն ըլլանք աղէտներու ու փորձանքներու դէմ, թոյլ չտանք, որ մեզ պարտութեան մատնեն հոգսերը եւ կարիքները, հայրենիքի ապագայի հանդէպ տագնապները: Թե՛ հայրենիքի մէջ եւ թե՛ աշխարհասփիւռ մեր համայնքներուն մէջ ըլլանք միաբան ու միասնական: Մեր անմիաբանութիւնը եւ անհամերաշխութիւնը ծնունդ կու տան նոր կորուստներու` ոտնակոխ ընելով մեր մեծ ու փոքր յաղթանակները: Ներկայիս բարդ իրադրութեան մէջ հարկ է, որ սթափուինք, մերժենք Աստուծմէ մեզ հեռացնող ընթացքները եւ մեր կեանքը ամրօրէն խարսխենք դարերու փորձութիւն անցած, մեր ժողովուրդի յարատեւութիւնը երաշխաւորած ազգային եւ հոգեւոր արժէքներու վրայ: Ամէնքս սրբազան պարտք ունինք հայրենիքի համար նահատակութեան պսակն ընդունած մեր զաւակներու յիշատակին առջեւ` անձնուրաց ջանքեր ներդնելու յանուն հայրենի մեր երկրի, յանուն Արցախի ազատ կեանքի, յանուն հայոց պետականութեան անսասանութեան ու ազգային մեր ինքնութեան անխաթար պահպանութեան: Միշտ յիշենք` հայրենիքի շահը վեր է ամէնէն, մեր ժողովուրդի ազատ ու ապահով կեանքը` առաջնահերթութիւն: Հզօր ու շէն հայրենիքի տեսլականի իրագործումը կը պահանջէ յանձնառութեան եւ անձնազոհութեան ոգի ու գիտակցութիւն, ազնիւ ու արդար գործելակերպ եւ հոգեւոր, բարոյական արժէքներու վրայ հիմնուած կենսակերպ: Այդ առաքելութիւնը հնարաւոր է իրականութիւն դարձնել մեր Տիրոջ լուսաւոր օրինակով, ով, ըստ Իր խօսքի, չեկաւ պաշտօն, ծառայութիւն եւ պատիւ ընդունելու, այլ ծառայելու (Մատթ. 20.28): Ամէն մէկ պաշտօն եւ իշխանութիւն հասարակական, քաղաքական կամ պետական ոլորտի պէտք է ծառայէ երկրի առաջընթացին, ընդհանուրի բարեկեցութեանն ու ապահովութեանը, ինչպէս բարեպաշտ ընտանիք: Երբ պաշտօնը կը դադարի սպասաւորութիւն ընկալուելէ, կը դառնայ պատճառ կամայականութիւններու, չար ու անարդար գործերու: Մինչ ազգաշահ ու հայրենանուէր բարի գործերով, իրար հանդէպ հոգածութիւն, սէր ու խնամք ցուցաբերելով է, որ ուժ ու զօրութիւն կ'ունենանք նեղութիւններն ու դժուարութիւնները յաղթահարելու, երկիր շէնացնելու: Փրկիչի Սուրբ Ծննդեան խորհուրդով նորոգուած կեանքով, կը հաւատանք, կարող պիտի ըլլանք կերտելու նոր իրականութիւն, ուր գերակայ կ'ըլլան փոխհասկացողութիւնն ու համերաշխութիւնը, ուղղամտութիւնն ու հայրենանուիրումը. նոր իրականութիւն, ուր իւրաքանչիւր յանձնառութիւն միտուած կ'ըլլայ մեր ժողովուրդի իղձերու ու ձգտումներու իրագործմանը: Այս տեսլականով եւ Քրիստոսի պարգեւած փրկութեան շնորհով, սիրելի հաւատացեալներ, վերափոխենք մեր կեանքի ընթացքը եւ միշտ քալենք վերելքի ու սիրոյ կենարար ճանապարհով:
Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան այս հոգեպարար օրը աղօթենք միասին, որ Բարձրեալն Աստուած օրհնէ, խաղաղ պահէ ու պահպանէ հայրենի մեր երկիրը եւ աշխարհը համայն: Աղօթենք, որ մեր հայրենիքը դառնայ մսուր Աստուածային ներկայութեան, եւ մեր ժողովուրդի զաւակներու հոգիները զօրանան հաւատով ու լաւատեսութեամբ: Թող Տէրը Իր ամենախնամ Սուրբ Աջի օգնականութեամբ մեզ առաջնորդէ ընթանալու հաւատոյ բարի գործոց շաւիղներով եւ փառաբանելու Իր Սուրբ Անունը, այսօր եւ միշտ եւ յաւիտեանս. ամէն:
Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ,
Ձեզ եւ մեզ մեծ աւետիս

Պատարագի սրբազան արարողութեան աւարտին կատարուեցաւ Ջրօրհնէք, ինչի ընթացքին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը խաչով եւ Սրբալոյս Միւռոնով օրհնեց ջուրը: Խաչի այս տարուայ կնքահայրն է հայ երգիչ, երգահան, ՀՀ վաստակաւոր արտիստ Դաւիթ Ամալեանը:
Ջրօրհնէքի արարողութեան վերջին՝ Վեհափառ Հայրապետը դարձեալ իր օրհնութիւնն ու Սուրբ Ծննդեան կենարար աւետիսը փոխանցեց ներկայ հաւատաւոր ժողովուրդին: