Ծնած է 44-օրեայ պատերազմին զոհուած Կարէն Միրզոյեանի եղբայրը (Տեսանիւթ)

Ծնած է   44-օրեայ  պատերազմին  զոհուած Կարէն Միրզոյեանի եղբայրը (Տեսանիւթ)

«Էրեբունի» բժշկական կեդրոնի ծննդատան մէջ լոյս աշխարհ եկած է 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ զոհուած Կարէն Միրզոյեանի եղբայրը:

Ծնողները զայն կրկին Կարէն անուանակոչած են, քանի որ ինչպէս մայրը կ'ըսէ, երազին մէջ Կարէնը վստահեցուցած էր, որ կրկին իր մօտ պիտի գայ:

Կարէնը ժամանակէն քիչ մը շուտ ծնած է` Ծաղկազարդիպ օրը, ապրելու նոր իմաստ տալով Միրզոյեաններու ընտանիքին: