Ժընեւի Հայոց Առաջնորդարանէն վերահասու դարձանք, որ քաղաքի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ եւ մեծ խանդավառութեան լոյսի ներքոյ նշուած է Ծաղկազարդի տօնը։
Կը հրապարակենք այս առթիւ «Արեւելք»ին ուղարկուած հաղորդագրութիւնը։
Կիրակի 2 Ապրիլ 2023-ին, բազմաթիւ հաւատացեալներու եւ մանուկներու ներկայութեան Զուիցերիոյ Առաջ. Տեղապահ՝ Գերպ. Տ. Գուսան ծ.վրդ. Ալճանեան Ս. Պատարագի աւարտին կատարեց «Դռնբացէք»ի արարողութիւնը եւ Մանուկներու Օրհնութեան Կարգը, Ժընեւի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ։