image

Ծաղկազարդի տօնը հեռաւոր Սաօ Փաուլոյի մէջ.(Լուսանկարներ)

 Ծաղկազարդի տօնը հեռաւոր Սաօ Փաուլոյի մէջ.(Լուսանկարներ)

Պրազիլիոյ աթոռնիստ քաղաքի ՝ Սաօ Փաուլոյի մէջ հանդիսաւոր կերպով նշուած է Ծաղկազարդի տօնը։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ համացանցէն

 Կը նշուի նաեւ, որ տօնական պատարագը մատուցած է Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ եպս. Պէրպէրեանը, որ այս առթիւ ալ տուած է յաւուր պատշաճի քարոզ մը։

Ի դէպ Թեմի գործունէութեան մասին կարճ անդրադարձ մը կատարած է «Շողակաթ» կայանը, որու լրագրողին խօսած է թեմակալ Առաջնորդը եւ մասնաւորապէս ըսած՝ « Ինչպէս Քրիստոս հեզութեամբ մտաւ Երուսաղէմ եւ ազդարարեց իր երկրաւոր կեանքի վերջին փուլի սկիզբը, նոյնպէս ալ մենք հեզ ըլլանք, ներել գիտնանք ու մանաւանդ սիրել սորվինք»։

Նշենք, որ  Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ եպս. Պէրպէրեան, կարեւոր ճիգեր կը գործադրէ համայնքի անդամները ի մի բերելու եւ զանոնք Հայց. Առաքելական Եկեղեցիին շուրջ հաւաքելու առընթեր։

 Ան նաեւ միշտ ալ նկատել տուաւ է, որ հայ եկեղեցւոյ դռները միշտ ալ բաց են բոլորին ու յատկապէս երիտասարդ ընտանիքներուն առջեւ։