Թուրքիոյ Պետական խորհուրդը (Danıştay-բարձրագույն վարչական դատարան) հաստատած է «Ակօս»ի նախկին խմբագիր Հրանդ Տինքի կնոջ՝ Ռաքէլ Տինքի, անոնց զաւակներուն՝ Սերա, Տելալ եւ Արատ Տինքերու 1,5 միլիոն լիրա (շուրջ 168.000 տոլար) փոխհատուցման պահանջը բաւարարող Սթամպուլի 6-րդ վարչական դատարանի որոշումը:
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «Ermenihaber»-էն։
Պետական խորհուրդը այդպիսով չէ բաւարարած Թուրքիոյ Ներքին Գործոց նախարարութեան բողոքը եւ ընդունած է Տինքի ընտանիքին այն պնդումը, որ նախարարութիւնը ծանր ծառայողական թերացում եւ գործնական պատասխանատուութիւն ունեցած է ընտանիքի հայր, պոլսահայ լրագրող Հրանդ Տինքի սպանութեան գործին մէջ։
Յիշեցնենք, որ Տինքի ընտանիքը Թուրքիոյ Ներքին Գործոց նախարարութեան դէմ հայց ներկայացուցած էր Սթամպուլի 6-րդ վարչական դատարան։ Անոնք պնդած էին, որ նախարարութիւնը ծառայողական թերացում ունեցած է Հրանդ Տինքի սպանութեան գործին մէջ։ Տինքի ընտանիքը պահանջած էր 1,5 միլիոն թրքական լիրայի փոխհատուցում, որմէ 500 հազարը՝ նիւթական, իսկ 1 միլիոնը բարոյական վնասի համար։ Դատարանը միաձայն բաւարարած էր հայցը, սակայն նախարարութիւնը բողոքարկած էր դատարանին վճիռը։