Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Հարաւային Կովկասի ու Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով ԵՄ յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը: Այս մասին յայտնած են ՀՀ վարչապետի աշխատակազմէն։
Վարչապետը բարձր գնահատած է Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութիւնը եւ գոհունակութեամբ նշած ԵՄ օժանդակութեամբ մեր երկրին մէջ իրականացուող համակարգային բարեփոխումներու փաստը: Միաժամանակ, Նիկոլ Փաշինեանը ընդգծած է Հայաստանի մէջ ԵՄ քաղաքացիական առաքելութեան գործունէութեան կարեւորութիւնը, որ կը նպաստէ տարածաշրջանի կայունութեան եւ խաղաղութեան:
Զրուցակիցներն անդրադարձ կատարած են Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի շրջափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած մարդասիրական, բնապահպանական եւ ուժանիւթի ճգնաժամի հետեւանքներուն: Վարչապետ Փաշինեանը շեշտած է Եւրոպական խորհրդարանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապաշրջափակման վերաբերեալ ընդունած բանաձեւի կարեւորութիւնը:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի շուրջ: