Անգարայի ներկայիս կառավարութիւնը թոյլ չի տար, որ Արեւմուտքը երկիրը ներքաշէ Ռուսիոյ դէմ պատերազմի մէջ, յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը Ahaber հեռուստաալիքին տուած հարցազրոյցին։
«Մենք թոյլ չենք տար, որ մեր երկիրը ներքաշուի պատերազմի մէջ, սա մեր նախընտրական կարգախօսներէն մէկն է»,-ըսած է Էրտողան։
Անոր խօսքով` վերջին երկու տարուան ընթացքին Անգարայի ջանքերը խանգարած են «արեւմտեան ակումբին»՝ երկիրը ներքաշել հակամարտութեան մէջ։
«Քանի դեռ մենք այստեղ ենք (իշխանութեան ղեկին), մենք ատոր չենք նպաստեր... Մեր նպատակն է լուրջ վճռականութեամբ ջանքեր գործադրել եւ միջնորդի դեր խաղալ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ, որ անոնք ի վերջոյ յաջողութեան հասնին»,- ընդգծած է Թուրքիոյ ղեկավարը։
Թուրքիոյ մէջ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւնները նշանակուած են մայիս 14-ին։