image

Թուրքիոյ ընտրութիւններ. Չորս անուններ պիտի պայքարին նախագահի աթոռին համար

Թուրքիոյ ընտրութիւններ. Չորս անուններ պիտի պայքարին նախագահի աթոռին համար

Թուրքիոյ Գերագոյն ընտրական խորհուրդը ներկայացուցած է երկրի նախագահի թեկնածուներու վերջնական ցուցակը:

Գործող նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի եւ «Հայրենիք» կուսակցութեան թեկնածու Մուհարեմ Ինճէի մասնակցութիւնը ընտրութիւններուն հաստատուած է՝ հակառակ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու առարկութիւններուն: Վերջնական ցանկին մէջ են նաեւ ընդդիմութեան միասնական թեկնածու Քեմալ Քըլըչտարօղլուն եւ ազգայնականներու դաշինքի թեկնածու Սինան Օկանը:

Այսպիսով մայիս 14-ին Թուրքիոյ մէջ նախագահի պաշտօնի համար պիտի պայքարի 4 թեկնածու։