image

Թուրքիոյ ընդհանուր սպայակոյտի պետն ու Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարը քննարկած են տարածաշրջանային հարցեր

Թուրքիոյ ընդհանուր սպայակոյտի պետն ու Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարը քննարկած են տարածաշրջանային հարցեր

Թուրքիոյ ընդհանուր սպայակոյտի պետ Սելճուք Պայրաքթարօղլուն ժամանած է Ատրպէյճան: Ինչպէս հաղորդած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները, անոր ընդունած է Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովը:

Պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ կայացած հանդիպման Հասանով նշած է, որ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները, որոնք հիմնուած են պատմական խոր արմատներու, ընդհանուր արժէքներու եւ փոխադարձ վստահութեան վրայ, հետագայ զարգացում ստացած են երկու եղբայրական պետութիւններու ղեկավարներու միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու շնորհիւ:

Նշուած է, որ կողմերը միտքեր փոխանակած են ռազմական, ռազմա-ճարտարագիտական, ռազմակրթական եւ այլ ոլորտներու մէջ համագործակցութեան ընդլայնման ընթացիկ վիճակի եւ հեռանկարներու շուրջ, ինչպէս նաեւ քննարկած փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր:

Հանդիպումներու ընթացքին քննարկուած են ռազմական համագործակցութեան նոր հեռանկարները, տարածաշրջանային անվտանգութիւնը եւ այլ հրատապ հարցեր: