image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիոյ պետական պարտքին 91 տոկոսը Էրտողանի տարիներուն եղած է

Թուրքիոյ պետական պարտքին 91 տոկոսը Էրտողանի տարիներուն եղած է

2002 թուականի Դեկտեմբերէն մինչեւ 2021 թուականի Նոյեմբեր ժամանակաշրջանին Թուրքիոյ պետական գանձարանի ներքին պարտքը աւելցած է 1 թրիլիոն 116 միլիառ լիրայով, իսկ արտաքին պարտքը՝ 1 թրիլիոն 298 միլիառ լիրայով։

Այս տուեալները տեղ գտած են Թուրքիոյ ընդդիմադիր «Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան» պատրաստած զեկոյցին մէջ, որ կը վերաբերի Թուրքիոյ տնտեսութեան։

Ըստ զեկոյցին՝ 2021 թուականի 11 ամիսներու ընթացքին Թուրքիոյ ներքին եւ արտաքին պարտքը կազմած է 125 միլիառ լիրա։ Երկրին ընդհանուր պարտքի աւելցած է 895 միլիառ լիրայով՝ հասնելով 2 թրիլիոն 708 միլիառի։

ԺՀԿ-ի զեկոյցին մէջ նաեւ կը նշուի, որ 2 թրիլիոն 708 միլիառ լիրա պետական պարտքի 91 տոկոսը՝ 2 թրիլիոն 465 միլիառ լիրան, վերցուած է Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի գլխաւորած «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան իշխանութեան տարիներուն։ Կը շեշտուի, որ մինչեւ 2002 թուական Թուրքիոյ գանձարանի ներքին եւ արտաքին պարտքը միասին կազմած է ընդամէնը 243 միլիառ լիրա։