image

Թուրքիոյ Մուղլա ծովափին. Ջուրը յիսուն մեթրով ետ քաշուած է

Թուրքիոյ Մուղլա ծովափին. Ջուրը յիսուն մեթրով ետ քաշուած է

Թուրքիոյ Մուղլայի ծովափին ջուրը մօտ 50 մեթր ետ քաշուած է, յայտնած է Anadolu-ն։

Մասնագէտներու կարծիքով՝ այդ կրնայ մակընթացային շարժումներով եւ քամիի ճնշման փոփոխութեամբ պայմանաւորուած ըլլալ:

Աւելի վաղ թրքական լրատուամիջոցները յայտնած էին, որ Իսթանպուլի արեւմտեան մասին մէջ գտնուող Աւջիլար թաղամասի մօտ Մարմարա ծովը ափէն ետ քաշուած է մօտ 15 մեթրով։

Ալթինովա եւ Թեքիրտաղ քաղաքներու տարածքին ծովը նահանջած է ափէն մինչեւ 25 մեթր հեռաւորութեան վրայ։ Նահանջող ջուրերը մերկացուցած են «Արքայական ճանապարհ» անունով յայտնի ժայռերը։

Քանտիլլի աստղադիտարանը յայտնած է, որ երեւոյթը կապուած չէ վերջին երկրաշարժերու հետ, այլ պայմանաւորուած է ճնշման անկմամբ։ Թեքիրտաղի Նամիկ Քեմալ համալսարանի դասախօս, դոցենտ Էմրէ Օզշահինը նշած է, որ Մարմարա ծովը ամէն տարի ափէն ետ կը քաշուի։ Ան ընդգծած է, որ «վախնալու պատճառ չկայ»։