Դեկտեմբեր 5-ին տեղի ունեցած է Թուրքիոյ անվտանգութեան խորհուրդի նիստ՝ Ռեճէպ Էրտողանի նախագահութեամբ:
Նիստի աւարտին հրապարակուած է գրաւոր յայտարարութիւն, որուն մէջ նաեւ յոյս յայտնուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի շուտափոյթ կնքման վերաբերեալ:
«Ընդգծուած են այն ակնկալիքն ու ցանկութիւնը, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ բանակցութիւններուն մէջ արձանագրուած դրական տեղաշարժերը կ՚աւարտին խաղաղութեան պայմանագրով։ Կայուն խաղաղութեան հաստատումը կը համապատասխանէ մեր տարածաշրջանի բոլոր դերակատարներու շահերուն»,-ըսուած է յայտարարութեան մէջ: