Լեհաստան Թուրքիայէն «Պայրաքտար» հարուածային անօդաչուներու երկրորդ խմբաքանակը ստացած է։ Այս մասին տեղեկացուցած է փոխվարչապետ, ազգային պաշտպանութեան նախարար Մարիուշ Պլաշչաք Թուիթըրով։
«Լեհաստանի բանակը հերթական Bayraktar-ները ստացած է։ Հիմա նոր յաջողութեամբ աւարտեցաւ անօդաչուներու փորձարկումը, որոնք իրականացուած են Միրոսլավեցի անօդաչու թռչող սարքերու 12-րդ կայանին մէջ»,- գրած է Պլաշչաք։
Ան յիշեցուցած է, որ «Պայրաքտար» անօդաչու թռչող սարքերու առաջին խմբաքանակը՝ վեց մեքենաներէ բաղկացած, Լեհաստան հասած է 2022-ի հոկտեմբերին։
Անցեալ տարուան գարնան Լեհաստան Թուրքիայէն հարուածային անօդաչու թռչող սարքերու չորս համալիրներու գնման համաձայնագիր կնքած էր՝ 24 հատ։ Անոնք ունին հակաթանկային հրթիռներ։ Լեհաստան անօդաչուներուն հետ միասին գնած է նաեւ «լոգիստիկ եւ ուսումնական փաթեթ», ինչպէս նաեւ սպասարկման փոխհատուցում։
Պայմանագրի ընդհանուր արժէքը 270 միլիոն տոլար է։