image

Թուրքիան «Պայրաքտար» պիտի մատակարարէ Լեհաստանին

Թուրքիան «Պայրաքտար» պիտի մատակարարէ Լեհաստանին

Թրքական Baykar Makina ընկերութիւնը յաջորդ ամիս պիտի սկսի Bayraktar TB2 ԱԹՍ-ներու մատակարարումը Լեհաստան։ Այս մասին յայտարարած է ընկերութեան գործադիր տնօրէն Հալուք Պայրաքտարը: Կը հաղորդէ Anadolu-ն։

Անցած մայիսին Լեհաստանը 4 Bayraktar TB2 համակարգ պատուիրած էր։

Անոր խօսքով՝ Լեհաստանի համար Bayraktar TB2-ներու մշակման մէջ փոփոխութիւններ կան։ Տարբերութիւններ կան տուեալներու փոխանցման համակարգին մէջ եւ ռատարներու ծանրաբեռնուածութեան մէջ: «Միեւնոյն ժամանակ, այս պայմանագրի շրջագիծէն ներս Լեհաստանի մէջ պայմաններ պիտի ստեղծուին ԱԹՍ-ներու համալիր սպասարկման համար։ Լեհաստանը շատ մեծ շուկայ է՝ մեծ գնման ներուժով եւ մեծ ներդրումներով պաշտպանութեան եւ օդատիեզերական ոլորտներու մէջ։ Ուստի այդ շատ կարեւոր շուկայ է նաեւ Թուրքիոյ համար»,-ըսած է Պայրաքտարը։