Թուրքիան կը շարունակէ արդիականացնել «Պայրաքտար»ը

Թուրքիան կը շարունակէ  արդիականացնել  «Պայրաքտար»ը

Թրքական Պայրաքտար-ը Tolun մինի (փոքր) ռումբի փորձարկում իրականացուցած է։

Anadolu-ի հաղորդմամբ՝ փոքր ռումբը մշակուած է Aselsan-ի մասնագէտներու կողմէ։

Թրքական լրատուամիջոցները յայտնած են նաեւ MIDLAS համակարգի փորձարկման մասին։ Արձակումն իրականացուած է թրքական արտադրութեան HİSAR զենիթահրթիռային համակարգի կողմէ։ Այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմին առընթեր պաշտպանական արդիւնաբերութեան վարչութեան պետ՝ Իսմայիլ Տեմիրը։