Թուրքիոյ, Ռումինիոյ եւ Պուլկարիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնները յուշագիր ստորագրած են Սեւ ծովուն մէջ ականազերծման ռազմածովային խումբի ստեղծման մասին։ Այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը X-ի իր էջին։
«Ռազմական գործողութիւնները Ուքրանիոյ մէջ բացասական պայմաններ ստեղծեցին Սեւ ծովուն մէջ անվտանգութեան համար, ստեղծեցին ականներու վտանգ: Մենք երեք երկիրներով անցեալ ամառ որոշեցինք միջոցներ ձեռնարկել պաշտպանութեան համար, ստեղծել համատեղ խումբ: Որոշում կայացուած է եւ այժմ այն ստորագրուած է: Պիտի ստեղծուի յանձնաժողով, որուն մէջ ձայներու մեծամասնութեամբ պիտի որոշուի այս աշխատանքին մասնակցելու հարցը» - փաստաթուղթի ստորագրման արարողութեան ժամանակ ըսած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան ղեկավար Եաշար Կիւլերը։
Անոր խօսքով, միայն յուշագիրը ստորագրած երեք երկրի ռազմածովային ուժերը պիտի մասնակցին Սեւ ծովն ականներէն մաքրելու աշխատանքներուն։
«Այս նախաձեռնութիւնը բաց պիտի ըլլայ միայն սեւծովեան երեք երկրի նաւերու մասնակցութեան համար: Մենք բարձր կը գնահատենք ոչ սեւծովեան երկիրներու եւ մեր դաշնակիցներու հնարաւոր ներդրումը այս գործին մէջ: Անոնց օգնութիւնն այս աշխատանքին կրնայ որոշուիլ ապագային, եթէ ստեղծուին յարմար պայմաններ»,-ըսած է թուրք նախարարը։